16/10/2025

Բաց նամակ Նիկոլ Փաշինյանին

Մեծայարգ´ պարոն վարչապետ, Յանուն Արժանթինեան Հանրապետութեան Հայկական Հաստատութիւններուն(IARA), այսու կու գանք խստօրէն դատապարտելու Հայաստանի Հանրապետութեանկառավարութեան կողմէ Ծայրագոյն Պատրիարք և Կափողիկոս ԱմենայնՀայոցՆ.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ-ի դէմ ուղղուած անհիմն յարձակումներն ու մեղադրանքները։

Այս յարձակումը ուղղուած է ոչ միայն մէկ անձի, այլև Հայաստանեայց ԱռաքելականԵկեղեցւոյ դէմ որպէս ամբողջութիւն. անոր ղեկավարութիւնը հարուածելով՝ կըփորձէքտկարացնել անոր ամբողջ հոգեւոր, մշակութային և ազգային մարմինը՝ խորապէսվնասելով մեր հաւաքական ինքնութիւնը որպէս ժողովուրդ։

Սուրբ Առաքեալներու կողմէ հիմնուած Հայաստանեայց ԱռաքելականԵկեղեցինդարեր շարունակ եղած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային ևազգայինհոգին։Այն եղած է և կը մնայ միասնութեան յենասիւն մը Հայաստանի, Արցախիևսփիւռքիհայերուն համար։ Անոր առաքելութիւնը երբեք քաղաքական չէ եղած. անորգործունէութիւնը եղած է և կը շարունակէ ըլլալ ինքնութեան պահպանումը, ցեղասպա-նութենէն մազապուրծ եղածներու ընտանիքներուն ուղեկցելը ևհայ ժողովուրդիհոգեւոր և ազգային արժէքները պաշտպանել։

Պնդել որ Եկեղեցին վտանգ մը կը ներկայացնէ, կամ կը գործէ ժողովուրդիշահերուն դէմ, բացի անհիմն ըլլալէն, լուրջ ինստիտուցիոնալ սխալ մընէ։ Արցախիժողովուրդի՝ իր հողին վրայ ապրելու իրաւունքի հաստատումը, պատմականարդա-րութեան պահանջքը և ազգային ինքնիշխանութեան պաշտպանութիւնը չինշանակեր միջամտել կուսակցական քաղաքականության, այլ կը նշանակէ պահպանել այնարժէքները, որոնք մեզ հայ կը սահմանեն։

Կաթողիկոսը, որպէս աշխարհի աւելի քան եօթ միլիոն հայերու հոգեւորառաջնորդ, ընտրուած է իր եկեղեցւոյ գործընկերներու և հայրենիքի ևաշխարհիտարբեր համայնքներ ներկայացնող պատգամաւորներու կողմէ։ Անոր վարկաբեկելուորեւէ փորձ մեր ազգի պատմական շարունակականութեան դէմ յարձակումմըկըհանդիսանայ և մեր հաւաքական խղճի նկատմամբ խոր անյարգալիր վերաբերմունքմըն է։

Հայաստանի համար այս վճռորոշ պահուն, երբ առկայ են խիստզգայունաշխարհաքաղաքական, ընկերային և տնտեսական մարտահրաւէրներ, անընդունելիէպետական հնարաւորութիւնները և ոյժը ուղղել Եկեղեցւոյ հետբախման,քաղաքացիներու՝ լրատուամիջոցներուն մէջ ազատ արտայայտուելու դէմկամժողովրդավարութիւնն ու հանրապետական արժէքները խաթարող գործողութիւններու,երբ անհրաժեշտ են միասնութիւն, առաջնորդութիւն և պատասխանատուութիւն։

Մենք կոչ կ’ընենք Հայաստանի պետական իշխանութիւններուն, որպէսզիդադրեցնեն Եկեղեցիին և անոր բարձրագոյն իշխանութեան դէմ ուղղուածամէնտեսակի հալածանքները կամ ճնշումները, և համատեղ աշխատին անոնցհետ՝ինստիտուցիոնալ յարգանքով, երկիրը ամրապնդելու և վերականգնելու ժողովուրդիվստահութիւնը անոր հիմնարար հաստատութիւններու նկատմամբ։

Պուէնոս Այրէս, 30 Յուլիս 2025

Արժանթինեան Հանրապետութեան Հայկական Հաստատութիւններ (IARA)