Ընկալեալ սովորութիւն է տարեփակի կամ ամանորեան թիւին մէջ մատնանշել հաւաքական կեանքը վերանորոգելու սպասումները։ Մարդ անհատի, ինչպէս նաեւ հաւաքականութիւններու հոգեմտային աշխարհը կը համակուի հինը ետին ձգելու ու նոր ծրագրումներով ճամբայ հարթելու խանդով։
Մանաւանդ, երբ ստեղծուած ոգեւորութեան մէջ կը փորձենք բնորոշել նաեւ յստակ ծրագրումներու կամ գործնական քայլերու ուրուագիծը, ան նաեւ գօտեպնդիչ ներգործութիւն կ՚ունենայ սպասումներու իրականցման թափին վրայ։
Այս անգամ եւս, թերթի առաջին թիւը կ՚անդրադառնայ տարեսկիզբի խոհերուն, երբ ժամանակը կը պարտադրէ տուեալ այս հանգրուանին, զրուցելու եւ բաժնեկից դառնալու մտորումներու մասին, որոնք կը յատկանշեն տարբեր սկիզբ մը որոնելու ջանքը։
Սփիւռքեան կեանքը հաւաքական պայքարի մը փորձադաշտը կը շարունակէ ըլլալ։ Հոն է, որ հայ մարդը դուրս կու գայ իր անհատական աշխարհէն, դառնալու համար կազմակերպուած հաւաքականութեան բաղադրիչ տարրը, որուն մէջ իւրաքանչիւր անհատի ներդրումն ու գործնական մասնակցութիւնը յառաջընթաց կը բերէ ազգային, քաղաքական, ընկերային, կրթական եւ հասարակական կեանքէն ներս։
Նաեւ, վերջին երեսնամեակին, սփիւռքահայ համայնքներու կեանքը առնչուած կը մնայ մեր հայրենիքի շօշափելի իրականութեան, անոր նուաճումներուն կամ տագնապներուն հետ։ Հետեւաբար, բազմաբեւեռ ուղղուածութեան մը խորապատկերին մէջ, անգամ մը եւս կոչուած ենք մտահոգուելու մեր ընդհանրական կեանքով, ամէն մէկս անհատաբար եւ հաւաքաբար սատար դառնալու համար ապագայի իրագործումներուն։
Իրականութիւն է, որ հայաշխարհի վերջին երեսուն տարիներու կեանքը մեծ վերիվայրումներու ժամանակաշրջան մը հանդիսացաւ։ Վերանկախացման նուաճումը եւ Արցախի վերատիրացման համազգային հրճուանքը փոխարինուած են մեր արծուաբոյնի կորուստով ու հայրենիքին վրայ սպառնացող աշխարհաքաղաքական վտանգներով։
Այսուհանդերձ, սփիւռքահայ մարդու գիտակցական աշխարհին մէջ պէտք է ամէն գնով ամուր պահել հայրենիքին հանդէպ հաւատքը ու պետութեան ամրապնդման նպաստող իւրաքանչիւր ճիգ։ Վարչախումբերը ժամանակաւոր եւ գնայուն են, ձախող ղեկավարները պիտի անցնին հայ ժողովուրդի դատաստանին ու պատմութեան մոռացութեան։ Սակայն, կը մնայ հաւատարմութիւնը հայ հողին ու պետական հիմնաշէնքին հանդէպ, որուն համար հայ ժողովուրդի կամքը արտայայտող քաղաքական գործօնները կոչուած են զայն ամուր պահել հայու ոգեկան եւ իմացական գիտակցութեան մէջ։
Չի բաւեր միայն ապաւինիլ քաղաքական զօրաշարժին, այլեւ անհատապէս սթափիլ հայրենիքի հզօրացման ուղղութեամբ, ի մտի ունենալով ամերիկացի վաղամերիկ նախագահ Քենետիի դիպուկ բանաձեւումը՝ «ամէն մէկը թող մտածէ, թէ ինչպէս կրնայ օգտակար դառնալ իր երկրի յառաջդիմութեան համար»։
Հայրենիքի օրրաններէն հեռու, սփիւռքահայ կեանքն ալ դիմագրաւեց մեծ մարտահրաւէրներ, որոնք առնչուեցան իր թիւի զգալի յաւելումին, ազգային դիմագիծի փոփոխութեան եւ սերունդներու կապուածութեան տկարացումին հետ։ Առաջին ազդակը դրական որեւէ արդիւնք չտուաւ, որովհետեւ Հայաստանէն դուրս անցած զանգուածները դժուար թէ կարողացան ներգործական ուժ սրսկել սփիւռքեան կեանքէն ներս։ Պատճառներն ու հետեւանքները տակաւին կը կարօտին ընկերաբանական եւ գիտական համապարփակ վերլուծումի, որ մինչեւ այսօր կը պակսի մեր իրականութենէն։
Մեր ակնարկը մասնաւորելով յունահայ գաղութի կեանքին ու ապագայի հեռանկարներուն վրայ, հետեւեալ առաջադրանքները կը մնան մեր հիմնաշէնքի ամուր կռուանները։
— Ազգային ոլորտի վերարժեւորումը դարձած է հրամայական, յենուելով նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսի «Սփիւռքի տարուան» առիթով հրապարակուած պատկերացումներուն եւ մեր գաղութի անդամները ազգային ու հոգեւոր կեանքին կապելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Ըմբռնումներու, մօտեցումներու եւ գործելակերպի վերանայումը, ինչպէս նաեւ նոր մարդուժ կազմաւորելու նպատակը կը դառնան անհրաժեշտ ու խիստ ստիպողական։
— Հայակրթութեան մարզը կը պահանջէ հաւաքական զօրաշարժ, ոչ միայն անոր պատասխանատուութիւնը կրող գաղութային մարմիններուն կողմէ, այլ նաեւ անհատական գիտակցութեան ուժեղացումով, պահելու համար հայ լեզուի ու հայկական առարկաներու ուսուցումը տիրական առաջնութեան մէջ։
— Երիտասարդութեան ներգրաւումը կը հանդիսանայ կենսական նախապատուութիւն։ Անոր առջեւ ազգային եւ գաղափարական ուղիներ բանալու կողքին, հարկ է վերարժեւորել մեր երիտասարդներու իմացական աշխարհը եւ ամրապնդել հայրենիքին հանդէպ հաւատարմութեան ոգին, զարգացնելով անոնց մէջ թէ՛ քաղաքական աշխարհայեացքը եւ թէ՛ ազգի պատմամշակութային գանձարանը։
— Միութենական կեանքը կը կազմէ խարիսխը մեր գաղութի համայնական զարգացման։ Ի գին ամէն զոհողութեան, հարկ է կարգ մը երեւոյթներու առաջքը առնել, որպէսզի չխաթարուի կառոյցներու դիմագիծը, որ կրնայ առաջնորդել նպատակի շեղումին։ Միաժամանակ, մեր կառուցային միաւորներու աւելի գործուն ներկայութիւնը հայ հաւաքականութիւններուն մէջ կը դառնայ անյետաձգելի։
Տեսական որեւէ արտայայտութեան դիմաց, գործնական քայլերու որդեգրումը կը պահանջէ ամուր կամք եւ գիտակցութիւն՝ հայ իրականութեան ներկայ իրավիճակին նկատմամբ։ Հայութեան կազմակերպ գործօններու պարտականութիւնն է ճամբայ հարթել, վերակենսաւորման յոյս ներշնչել, հաւաքական տեսլականներուն մէջ կազմաւորել հայ անհատի հայրենասիրութիւնն ու ստեղծագործական ոգին։
Բազմազան մարտահրաւէրներու դիմագրաւումին դիմաց, անհատական եւ հաւաքական յանձնառութիւնը կը հանդիսանայ առաջին նախապայմանը մեր առաքելութեան յաջողութեան ճամբուն վրայ։
«Ազատ օր» պարբերական
Բաց մի թողեք
ՔՊ-ն հրաժարվել է միանալ մանկապարտեզները անվճար դարձնելու նախագծին
«Ես բողոքի ակցիա եմ արել, խնձոր եմ նետել իր ուղղությամբ, ուրիշ բան չէի կարող անել»
Ինչո՞ւ է «Իրական Հայաստանի» գաղափարախոսությունը ձևավորվել միայն 2024-ին՝ իր պաշտոնավարման 7-րդ տարում։ Ճիշտ է, որովհետև 2023-ին դեռ կար հայաբնակ Արցախ