Քաղաքական գրառումներ ընողը չեմ։ Ընդհանրապէս հետաքրքրութիւններս այլ ուղղութիւններով կ՚երթան ու ամենայնդէպս FB-ը յարմարագոյն հարթակը չեմ նկատեր ատոր համար։
Հետեւեալը կու տամ թարգմանաբար բարեկամի մը անձնական գրառումէն, որ 2000ականներու յետպատերազմեան շրջանին տասնեակ մը տարի Սերպիա ու Քոսովօ ծառայած էր ՄԱԿի խաղաղապահ առաքելութեան ծիրէն ներս որպէս քաղաքացիական բարձրաստիճան պաշտօնեայ, ապա նմանապէս ժամանակ մը նոյն ձեւով Լիբանան՝ Իւնիֆիլի ծիրէն ներս։
«Հայաստանը վերջացած է, վերածուած NGO պետութեան մը։ Նոյն այս քաղաքականութիւնը օրին ի գործ դրուած էր Սերպիոյ մէջ։ Ես անձամբ ներկայ եղած եմ ժողովներու ուր անիկա կը ծրագրուէր։ Սերպիան ռազմականօրէն պարտուած էր սակայն ժողովուրդը կը մերժէր հաշտուիլ Քոսովոյի կորուստին հետ։
Արեւմտեան ուժերը անելի մատնուած էին այս կացութեան առջեւ եւ ի վերջոյ եկան այն եզրակացութեան թէ միակ ձեւը Սերպ ուղղափառ եկեղեցւոյ վայելած վարկը կոտրելն էր, որովհետեւ ան էր սերպ ինքնութեան ու պատմութեան իսկական կրողն ու պահապանը։ Ձախողեցան անշուշտ։ Եկեղեցին ուժեղ էր ու ժողովուրդը խմբուեցաւ անոր շուրջ։
NATO-ի կողմէ ծրագրուած յաջորդ «զոհը» հազարամեայ ուքրանական եկեղեցին էր։ Պէտք էր քանդուէր որովհետեւ ուքրանիոյ ժողովուրդին մեծամասնութեան եկեղեցին եղող այս հաստատութիւնը Ռուս եւ Ուքրանացի ժողովուրդներուն միջեւ ենթադրեալ դարաւոր թշնամութեան սուտը երեւան հանողն էր։
Զելէնսքին հպատակած ու ձերբակալած էր Պատրիարքն ու կղերական դասէն բազմաթիւ անդամներ որպէսզի իրեն հպատակող եւ ուրքրանական նորաստեղծ պետական ինքնութիւնը շեփորող պետական նոր եկեղեցի մը ստեղծէր։
Նոյնպէս նաեւ Փաշինեանը, ունայնամիտ, խաբեբայ, վատոգի ու ոխակալ չէակ մը, որ այս բոլորին մասին խօսած էր արդէն Զելէնսքիի, NATO-ի ու NGO-ներու իր խորհրդատուներուն հետ։ Անհրաժեշտ էր որ Հայաստանեայց եկեղեցին, որպէս պատմութեան ու մշակոյթի դարաւոր կրողը, վարկաբեկուէր ու հպատակէր պետական նոր գաղափարաբանութեան որպէսզի ան կարենար Ռուսիոյ հետ կապերու վերջնական խզումը (կապեր, որոնք խորունկ արմատներ ունին հայաստանեան ընկերութեան մէջ) տանիլ մինչեւ վերջ ապա յանձնուելու համար Թուրքիոյ։
Այս բոլորը աչքերովս տեսած ու ապրած եմ անգամ մը Սերպիա։ Ճշմարտութեան ու ազգին ոգիին համար մղուող պայքար մըն է պատահածը։ Տեսնենք թէ Հայաստանի ժողովուրդը պիտի ունենա՞յ նոյն տոկունութիւնն ու ողջմտութիւնը ինչ որ ունեցաւ Սերպ ժողովուրդն (ու շատ մը ուքրանացիներ) իրենց պատմութիւնն ու մշակոյթը պաշտպանելու ի խնդիր»։
Րաֆֆի Աճէմեան
Բաց մի թողեք
Դարձի եկեք, և գուցե մի օր ներվի ձեզ. Մարինե Պետրոսյան
Կեղծիքը ճշմարտություն չի բերում․ Արա Զոհրաբյան
Ասենք մարդու նկարը հանեցիք, անունը ջնջեցիք, ՀԷՑ-ը խլեցիք, կառուցած շենքերի հետ ինչ եք անելո՞ւ, պայթեցնելո՞ւ եք․ Ասլանյան